ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի 13 Փետրուար 2023-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները: