ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2010-ին Առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը։ Անոնք տպարանի մասին իրենց տրուած տեղեկութիւնները շօշափելի դարձուցին եւ կենդանի պատկերով դիտեցին տպագրական աշխատանքի մը բոլոր հանգրուանները։ Տպարան այցելութենէն ետք աշակերտները ուղղուեցան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ` ըմբոշխնելու համար արուեստի գործեր։ Առաջին դասարանի աշակերտներուն պտոյտ-այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին…

80 ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹՕՃԱԽ»

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը իր առաքելութեան ի սպաս դրած ճիգերով, կրթական մշակներու անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով, 21-րդ դարասկիզբի արդիականացման ու համաշխարհայնացման մարտահրաւէրները յաղթահարելով, այսօր կը հանդիսանայ «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումի գլխաւոր մրցանակակիրը։ Երկուշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան…

ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կապոյտ եւ վարդագոյն դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ յաջորդաբար 7 եւ 8 Հոկտեմբեր 2010-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր նախորդ տարուան ուսուցչուհիները կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին գոյները (կանաչ, կապոյտ եւ նարնջագոյն), իսկ վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն՝ թիթեռնիկ, արջուկ եւ ձուկ։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին, ապա ուսուցչուհիներուն հետ…

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 5 Հոկտեմբեր 2010-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր նախորդ տարուան ուսուցչուհիները փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին ձեւերը (քառակուսի, եռանկիւն, կլոր)։ Աշակերտները երգեցին ուսուցչուհիներուն հետ, ապա անցան իրենց դասարանները։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Տարրականի Ա. եւ Բ. դասարաններու դասացուցակին վրայ այս տարի աւելցած են ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով պատմութեան պահեր՝ իւրաքանչիւրը շաբաթական մէկ պահ, որուն ընթացքին ուսուցիչը գլխաւոր նիւթի մը շուրջ պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, աշակերտներուն հետ պիտի զրուցէ տուեալ նիւթին մասին։ Այսպիսով աշակերտները առիթը պիտի ունենան արտայայտուելու նաեւ օտար լեզուներով…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ «ՆՈՐ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ»

Տարրական բաժինի «նոր բնակիչները»՝ Ա. դասարանի աշակերտները, շուտով ընտելացան նոր միջավայրին։ Անոնք այժմ ունին տարբեր ձեւի գրասեղաններ, դասարաններ, մեծ ու ընդարձակ խաղավայր, նոր ուսուցիչներ…։ Վերամուտի առաջին շաբաթը Ա. դասարանի աշակերտները ուրախ-զուարթ դպրոց երթալ-գալէ ետք, Ուրբաթ օր բաժնուեցան ուսուցիչներէն իրենց հետ տանելով «Ես կը սիրեմ Ճեմարանը» գրչատուփերը։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2010-2011 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 20-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 4 Հոկտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի…

«ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ-ՍՓԻՒՌՔ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2010-ին միջնակարգի բոլոր աշակերտները եւ երկրորդականի Ժ. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Հայ Ասպետ-Սփիւռք» մրցոյթի տեսերիզը: Տեսերիզի ցուցադրութենէն առաջ, մրցոյթին մասնակցած աշակերտները խօսք առին եւ իրենց փորձառութիւնը, զգացումներն ու տպաւորութիւնները փոխանցեցին ներկաներուն, մաղթելով որ ուրիշներ եւս յառաջիկայ տարիներուն առիթը կ’ունենան մասնակցելու այսպիսի օգտաշատ ու դաստիարակիչ նախաձեռնութեան մը:…

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2010-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ։ Աշակերտները երգեցին, զուարճացան եւ «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն։ Անոնք ծանօթացան նաեւ տարրական բաժինի ուսուցիչներուն, դպրոցի կառոյցին, եւայլն։ Ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն։ Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին, Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբերին դպրոց վերադառնալու…

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2010-2011 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն,…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2010-ին, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան 2010-2011 տարեշրջանի առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Եագուպեանի հետ։ Վիգէն Եագուպեան իր նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ճեմարանի մէջ։ Ան իր դպրոցական կեանքի յուշերէն մէկ քանին աշակերտներուն պատմելէ ետք, փոխանցեց զրոյցին նիւթը՝ Ո՞վ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 19-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2010-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններու աշակերտները նշեցին Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 19-րդ ամեակը՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ։«Անկախութիւնը անգնահատելի ձեռքբերում է, բարձրագոյն արժէք, որուն համար մեր ժողովուրդը մեծ զոհողութիւններ յանձն առաւ եւ իրագործեց…