ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 71-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Յուլիս 2010-ին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Նորընտիր վարչութեան կազմն է. Ատենապետ` Փաթիլ Եսայեան Փոխատենապետ` Դաւիթ Գազանճեան Քարտուղար` Սեպուհ Տօնիկեան Գանձապահ` Կարօ Լուսարարեան Հաշուապահ` Հերա Սաղրեան-Քիթապճեան Խորհրդականներ` Վաչէ Ծատուրեան Ալին Արապաղեան Բիւզանդ Մկրտիչեան Պերճ…

ՆԱՀԱՏԱԿ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 1 Օգոստոս 2010-ին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցում մը՝ նուիրուած Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկ եւ ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին։ Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներու միջեւ, սկիզբ առաւ նահատակ ազատամարտիկի բնակարանին առջեւէն։ Ազդանշանը տրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ…

ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ¬ՍՓԻՒՌՔ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ բաժինէն 7 աշակերտներու Հայաստան այցը՝ «Հայ ասպետներ» պատկերասփիւռային խաղին մասնակցելու նպատակով, աւարտեցաւ 19 Յուլիսին, երբ անոնք Հալէպի ճամբով վերադարձան Լիբանան։ 18 Յուլիսին, տեղի ունեցած «Հայ Ասպետ¬ Սփիւռք» պատկերասփիւռային խաղին «Ճեմարանի ասպետները» հանդիսացան երկրորդ՝ 1 միաւորով միայն զիջելով առաջին դիրքը՝ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ այս տարուան Ֆրանսական եւ լիբանանեան պաքալօրէաներուն ներկայացած 57 աշակերտներէն 53¬ը յաջողած են։ Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անունները. Գրական ճիւղէն՝ Աղասարգիսեան Օրoր, Այնթեպլեան Մարիա, Պաղտիկեան Ցոլին, Պաժաքեան Սարին-Սանտրա, Պայրամեան Հուրի, Պետոյեան Սառա, Գանտահարեան Սանան, Գասապեան Սանահին (բաւական լաւ), Քեմիճեան…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ «ԱՍՊԵՏՆԵՐ»Ը

13 Յուլիսին «Հայ ասպետ-Սփիւռք» նախագծին մասնակցելու նպատակով Հայաստան հասան Ճեմարանի աշակերտները: Անոնք «Հայ ասպետ» կեդրոնին մէջ հանդիպեցան մէկ օր առաջ հայրենիք ժամանած Վրաստանի խումբին։ Ճաշէն ետք աշակերտները քալեցին դէպի Մատենադարան: Ճամբան ծանօթացան իրենց հայրենի մայրաքաղաքի ամենագեղեցիկ շինութիւններուն: Այցելեցին Հանրապետութեան հրապարակ, Օբերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բակը, Կոմիտասի…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

80 տարեկան է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը։ 2009-2010 տարեշրջանին ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով եւ տարբեր ձեռնարկներով Ճեմարանի հիմնադրութեան 80- ամեակը նշելէ ետք, աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ Հինգշաբթի, 3 Յունիսին, ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի դամբարանը Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ ։…

«ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ»

«Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 6 Յուլիս 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մօտաւորապէս հարիւր հոգիի ներկայութեան՝ ծնողներ թէ փոքրիկներ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանելով «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն, որոնք ամէն…

«ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ- ՍՓԻՒՌՔ» ՀԵՌՈՒՍՏԱԽԱՂ

«Հայ ասպետ» կրթադաստիարակչական բարեգործական հիմնադրամը, որ Երեւանի մէջ արդէն հինգ տարի է կը զբաղի հայ երեխաներու հայրենաճանաչողական և հայրենասիրական դաստիարակութեամբ, կազմակերպած է «Հայ ասպետ-սփիւռք» հեռուստախաղը սփիւռքի հայկական դպրոցներու աշակերտներուն համար։ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ընդառաջեց «Հայ Ասպետ» հիմնադրամի հրաւէրին եւ միջնակարգի 7 աշակերտներ ուսուցչուհիի մը…

ՊՐԷՕՎԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են Թ. դասարանի 24 աշակերտներէն 21ը: Յաջողած աշակերտներն են. ԱՆՏՈՆԵԱՆ Անի, ԱՐԱՄԱԼԵԱՆ Արազ, ՊԱՊԻԿԵԱՆ Փաթիլ, ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Փաթիլ, ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ Գարին, ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ Ճեսիքա, ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ Կալի, ԳԷՈՐԳԵԱՆ Փաթիլ, ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ Թալին, ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Վարդի, ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ալեակ, ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ Գալին, ՍԱՐԵԱՆ Անի, ԹՈՐՈՍԵԱՆ Պեթի, ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԱՆ Նիկոլ, ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ Մայք, ՂԱՐԻՊԵԱՆ Սերժ-Աւետիս, ԳԷՈՐԳԵԱՆ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ EXOTICA

Նորսիկեան մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները Մայիսի վերջաւորութեան EXOTICA այցելութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց «կանաչ» տարեշրջանին եւ մանկապարտէզին: Փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի օր մը անցուցին դիտելով բոյսերը, ծաղիկներն ու ծառերը, ապա ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի հանդէսները յաջորդաբար տեղի ունեցան Ուրբաթ 11 եւ Չորեքշաբթի 16 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Ճստիկ Ճուտիկ», իսկ Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները՝ «Շունն ու Կատուն» երաժշտախառն թատերախաղերը հսկողութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական…

ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Հինգշաբթի, 10 Յունիս 2010-ին, տնօրէնութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին եւ ուսուցիչներուն: Բարի եկաքի խօսքը արտասանեց Ճեմարանի փոխ տնօրէն եւ վարչական պատասխանատու Նորայր Նաճարեան, որ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ընթրիքին ճաշերը ամբողջութեամբ պատրաստուած են Ճեմարանի խոհարարուհիին եւ տնտեսուհիներուն կողմէ: Ընթրիքը ի պատիւ ուսուցիչներուն եւ…