ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2010-ին Առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը։ Անոնք տպարանի մասին իրենց տրուած տեղեկութիւնները շօշափելի դարձուցին եւ կենդանի պատկերով դիտեցին տպագրական աշխատանքի մը բոլոր հանգրուանները։ Տպարան այցելութենէն ետք աշակերտները ուղղուեցան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ` ըմբոշխնելու համար արուեստի գործեր։ Առաջին դասարանի աշակերտներուն պտոյտ-այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին Համազգայինի գրախանութ այցելութեամբ։ Աշակերտները դպրոց վերադարձան շատ ուրախ։ Անոնք ամբարած էին այլազան գիտելիքներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը գրախանութէն ստացած էր նուէր գիրք մը։