ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2010-ին Ճեմարանի մանկամսուրի երկրորդ դասարանի փոքրիկները այցելեցին դպրոցին տնօրէնութեան գրասենեակները։ Փոքրիկները «խնձոր»ի մասին բաւարար գիտելիքներ ամբարելէ ետք, իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ պատրաստեցին խնձորի օշարակը, խմեցին եւ ապա զայն հրամցուցին տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան, որոնք ուրախութեամբ «հիւրընկալեցին» մանկամսուրի աշակերտները։ Ճեմարանի տնօրէնը, իր կարգին, փոքրիկներուն քաղցրեղէն հրամցուց։

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2010-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը, ուր ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2010-ին Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը, Հուրի Վարժապետեանը եւ Վարուժան Արզումանեանը, որոնք Լիբանան կը գտնուին 3 Նոյեմբերին Պիէլի մէջ ֆրանսերէն գիրքերու 2010-ի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ մակագրելու իրենց պատրաստած «Նօ թեր տ՚անֆանս» գիրքը։ Անոնք շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժինները, այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզը, Ճեմարանի գրադարանը, մամուլի…

Ա. ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2010-ին, կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին (ուսուցչական կազմ եւ վարչական պաշտօնեաներ) առաջին աշխատանքային հանդիպումը, որ կը նպատակադրէ ուսումնական եւ կրթական աշխատանքներու հետեւողական բարելաւումը։ Հանդիպման առաջին հանգրուանին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան կրթական փոխ տնօրէնի պաշտօնին կոչուած Տիկ. Հուրի Եափուճեանի աշխատանքի բնութագրումը կատարեց, ապա Տիկ. Հուրի…

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին մանկապարտէզի զանազան բաժինները, ապա անցան իրենց յառաջիկայ տարեշրջանի դպրոցական շէնքը, ուր եւս շրջեցան ծանօթանալու եւ տեղեկութիւններ ստանալու իւրաքանչիւր բաժնի մասին։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐԻ ԼՈԹՕ

Մեր հայերէնի դասին նիւթն էր Յովհաննէս Թումանեանն ու իր նշանաւոր գործերը։ Հետեւաբար հայերէնի ուսուցչուհին, աշակերտներուն հայկական առածներ սորվեցնելու նպատակով, Երկուշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2010-ին, պահ մը յատկացուց «Հայկական առածների Լոթօ» խաղին (Թումանեանի հեղինակութեամբ)։ Ուսուցչուհին լոթոյի ձեւով խաղաքարտերը բաժնեց աշակերտներուն, ապա խաղացողներէն մէկը տոպրակի մը մէջէն քաշեց փոքր քարտ մը,…

«ՀԱՆՐԻԷԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ 2009-2010 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, կնքամայրութեամբ՝ Տիկ. Արփի Մինասեան-Կոստանեանի։ Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց նոր շրջանաւարտները եւ մաղթեց որ անոնք եւս իրենց նախորդներուն նման ներդրում ունենան Միութեան աշխատանքներուն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2010-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները եւ սորվելու կարելու հանգրուանները՝ «կը չափեմ», «կը ձեւեմ», «կը գնդասեղեմ» եւ «կը կարեմ»։

ՍՆՆԴԱՐԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ

Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2010-ին Ճեմարանի շրջանաւարտ, սննդագէտ Անի Տէյիրմենճեան այցելեց Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանները եւ փոքրիկներուն խօսեցաւ սննդարար ուտելիքներու մասին։

«ՀԱՆՐԻԷԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ 2009-2010 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, կնքամայրութեամբ՝ Տիկ. Արփի Մինասեան-Կոստանեանի։ Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց նոր շրջանաւարտները եւ մաղթեց որ անոնք եւս իրենց նախորդներուն նման ներդրում ունենան Միութեան աշխատանքներուն…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի բակին մէջ(Մըզհեր) նշուեցաւ աւանդական դարձած «Ճեմարանականի Օր»-ը, խորովածի երեկոյի մը ընդմէջէն: Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն մօտ 350 շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, ճեմարանականներ եւ բարեկամներ մէկտեղուած էին: Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց ներկաները…

ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2010… Ամբողջ դասարանով ճամբորդեցինք դէպի նախապատմական աշխարհ… Ժամը 10։15-ին ճամբայ ելանք դպրոցէն, ուղղուելով դէպի նախապատմական թանգարան մը, որ կը գտնուի ֆրանսական համալսարանի մը մէջ։ Հասանք ու մտանք ներս։ Մեզ դիմաւորեցին երկու երիտասարդ օրիորդներ։ Անոնցմէ մէկը քանի մը խօսքով ներկայացուց նախապատմական շրջանի կարեւոր հանգրուանները. նախ մարդը…