ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2010-ին, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան 2010-2011 տարեշրջանի առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Եագուպեանի հետ։ Վիգէն Եագուպեան իր նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ճեմարանի մէջ։ Ան իր դպրոցական կեանքի յուշերէն մէկ քանին աշակերտներուն պատմելէ ետք, փոխանցեց զրոյցին նիւթը՝ Ո՞վ է հայը, ո՞ւր է ան, ի՞նչ դժուարութիւններու եւ տագնապներու կը հանդիպի ան սփիւռքի մէջ։ Զրոյցը հետաքրքրական էր, աշակերտները յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ ստացան համապատասխան թելադրանքները։ Ֆէսլեան Կարօ ԺԲ դասարան