ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2010-2011 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն, ինչպէս՝ անձնակազմային փոփոխութիւններուն, աշակերտութեան թուաքանակին, նախորդ տարեշրջանի յաջողութեան համեմատութեան եւ շինարարական աշխատանքներուն, որոնք առաւելաբար ամրան ընթացքին կատարուած են մանկամսուրի բաժնին մէջ, զայն դարձնելով աւելի գրաւիչ, արդիական ու ապահով ։