ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 19-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2010-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններու աշակերտները նշեցին Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 19-րդ ամեակը՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ։«Անկախութիւնը անգնահատելի ձեռքբերում է, բարձրագոյն արժէք, որուն համար մեր ժողովուրդը մեծ զոհողութիւններ յանձն առաւ եւ իրագործեց զայն»,- ըսաւ աւարտական դասարանէն Նժդեհ Մկրտիչեան բացման խօսքին ընթացքին, ապա ան հրաւիրեց Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը այս առթիւ իր խօսքը փոխանցելու։ Ան յիշեց Ճեմարանի հիմնադիրները՝ Լեւոն Շանթն ու Աղբալեանը, նաեւ Ս. Վրացեանը, որոնք Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան կերտիչներէն էին, առաջինը՝ խորհրդարանի փոխ նախագահ, իսկ երկրորդը՝ կրթութեան նախարար, եւ ըսաւ. «Անոնք Հայաստանի կենդանի ներկայութիւնն էին Ճեմարանի մէջ։ Իրենց մահէն ետք տակաւին կ’ապրի անոնց շունչն ու գաղափարը։ Անոնց կիսանդրիները դպրոցի մուտքին արդէն Հայաստանի անկախութեան մնայուն ներկայացուցիչներն են։ Ամէն ժողովուրդի իրաւունքն է իր հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրիլ, մշակոյթը պահել ու զարգացնել։ Մենք անկախութիւնը կը նշենք այսօր հայրենիքէ դուրս հայկական դպրոցի մը մէջ, թէեւ պէտք է երախտապարտ ըլլանք այս երկրին, որ մեզի առիթ ընծայեց այստեղ հայօրէն գոյատեւելու, բայց պէտք է ձգտիլ անկախութիւնը տօնել Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ եւ աւելի՛ն՝ ձգտիլ օր մը համախմբուելու ամբողջական Հայաստանի մէջ, եւ հոն պահել ու զարգացնել մեր մշակոյթն ու յաւիտենական արժէքները»։ Տնօրէնի խօսքէն ետք, Բալիկ Արոյեան դաշնամուրով նուագեց Ազնաւուրի «2 Կիթառ»ը, որմէ ետք Թ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան ասմունքեց Լ.Զ. Սիւրմէլեանի «Ասք ծառ տնկելու առթիւ» բանաստեղծութիւնը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։ Ան ըսաւ.«Յուզիչ է անկախութեան 19-րդ տարեդարձը տօնելը. ուղիղ 19 տարի առաջ, ԱՅՈ՛ ըսինք այն անկախութեան, որուն ետին կար հայ ժողովուրդին հազարամեայ պատմութիւնը, զոհաբերութիւնը։ Այդ անկախութիւնը, ինչպէս տնօրէնը յիշեց, Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի ընդմէջէն Ճեմարանին անցաւ։ 1991 Սեպտեմբեր ամսուն Արցախի ու Հայաստանի անկախութիւնը համայն հայութեան ձեռքբերումն է, զայն կարելի դարձնողներուն յատուկ երախտիքի խօսք կը յայտնեմ։ Ճակատագրի բերումով՝ Հայաստան-սփիւռք անբաժանելի մասնիկներ են։ Այսօր տօնական օր է, պիտի չմոռնանք նաեւ, որ պատասխանատուութեան օր է, ոչ միայն Հայաստանի, այլ՝ սփիւռքի։ Հայաստանը զօրաւոր է իր սփիւռքով։ Աշխարհի 10 միլիոն հայերէն 3 միլիոնը միայն կ’ապրի Հայաստանի մէջ։ Ճեմարանական կրթութեամբ մենք պիտի ունենանք սերունդ մը, որ Հայաստանի նկատմամբ ունենայ պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն։ Պիտի փորձենք համախումբ ու միասնական աշխատանքով այս անկախ հանրապետութիւնը դարձնել այն արժանապատիւ պետութիւնը, որով պիտի հպարտանայ իւրաքանչիւր հայ»։ Լիլիթ Գալստեանի խօսքէն ետք Բայիկ Արոյեան դարձեալ դաշնամուրով նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»ն, ապա Շանթ Պաղտասարեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Ըմբոստութիւն Սրբազան»ը, որմէ ետք Վարանդա Եագուպեան մեներգեց «Երազ իմ երկիր Հայաստան»ը։ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 19-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով։