ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2010-2011 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 20-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 4 Հոկտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի ու նախակրթարանի աշակերտներուն վերամուտով: Այդ օրը, առաջին զբօսանքին բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ 2010-2011տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Տնօրէնը ողջունեց մասնաւորաբար Նորսիկեան մանկապարտէզի շրջանաւարտները՝ առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք արժանացան իրենց «մեծ» ընկերներուն ջերմ ծափահարութեան: Ծափահարութեան արժանացան նաեւ ԺԲ. դասարանի 61 աշակերտները, որոնց ուղղելով իր խօսքը՝ տնօրէնը ըսաւ, թէ անոնք ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն կողքին մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրենցմէ փոքր աշակերտներուն հանդէպ զանոնք դաստիարակելու, պաշտպանելու եւ միշտ անոնց նեցուկ կանգնելու: Ան խրախուսեց աշակերտները օրինակ տալով անցնող տարեշրջանի աւարտի պետական քննութիւններուն Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված փայլուն արդիւնքներն ու յիշատակութիւնները եւ անոնց մաղթեց աւելի գերազանց յաջողութիւններ ունենալ: Ի վերջոյ տնօրէնը բարի աշխատանք ու արգասաւոր տարեշրջան մաղթեց բոլորին: Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: