ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2010-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ։ Աշակերտները երգեցին, զուարճացան եւ «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն։ Անոնք ծանօթացան նաեւ տարրական բաժինի ուսուցիչներուն, դպրոցի կառոյցին, եւայլն։ Ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն։ Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին, Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբերին դպրոց վերադառնալու փափաքով։