ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կապոյտ եւ վարդագոյն դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ յաջորդաբար 7 եւ 8 Հոկտեմբեր 2010-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր նախորդ տարուան ուսուցչուհիները կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին գոյները (կանաչ, կապոյտ եւ նարնջագոյն), իսկ վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն՝ թիթեռնիկ, արջուկ եւ ձուկ։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին, ապա ուսուցչուհիներուն հետ բարձրացան դասարան, ուր 2 ժամ մնացին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ապա մեկնեցան դպրոցէն։ Կապոյտ դասարանի աշակերտները յաջորդ առաւօտուն վերադարձան մանկապարտէզ եւ սկսան իրենց դպրոցական առօրեային,մինչ վարդագոյն դասարանի փոքրիկները շաբաթավերջին հանգստանալէ ետք, Երկուշաբթի օր վերադարձան դպրոց։