80 ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹՕՃԱԽ»

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը իր առաքելութեան ի սպաս դրած ճիգերով, կրթական մշակներու անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով, 21-րդ դարասկիզբի արդիականացման ու համաշխարհայնացման մարտահրաւէրները յաղթահարելով, այսօր կը հանդիսանայ «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումի գլխաւոր մրցանակակիրը։ Երկուշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի կողմէ կազմակերպուած «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը։ Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյն տիտղոսին արժանացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը։ Մրցանակակիրներուն ողջոյնի եւ քաջալերանքի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան։ Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան շեշտը դրաւ Հայաստանի կողմէ սփիւռքի մէջ տարուած կրթական աշխատանքները արժեւորելու երեւոյթին կարեւորութեան վրայ՝ մրցանակաբաշխութիւնը նկատելով Հայաստան¬սփիւռք համագործակցութեան կարեւոր հանգրուան մը։ Տիգրան Ճինպաշեան Ճեմարանը նկատեց սփիւռքի մէջ Հայաստանի մասնիկ մը, ուր գործած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական անձնաւորութիւնները՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Արշակ Յովհաննիսեան, Կարօ Սասունի, Գառնիկ Գոզալեան, նաեւ հայ մշակոյթի կարեւոր դէմքեր՝ Կոստան Զարեան, Բարսեղ Կանաչեան, Հրաչ Տասնապետեան։ Ան հաստատեց, որ այս մրցանակաբաշխութիւնը խորհրդանիշն է այն երեւոյթին, որ չկայ հայաստանաբնակ հայութիւն ու սփիւռքահայութիւն, այլ կայ մէկ, ամբողջական հայութիւն, ինչպէս նաեւ կայ ամբողջական Հայաստան։