ՊՐԷՕՎԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են Թ. դասարանի 24 աշակերտներէն 21ը: Յաջողած աշակերտներն են. ԱՆՏՈՆԵԱՆ Անի, ԱՐԱՄԱԼԵԱՆ Արազ, ՊԱՊԻԿԵԱՆ Փաթիլ, ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Փաթիլ, ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ Գարին, ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ Ճեսիքա, ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ Կալի, ԳԷՈՐԳԵԱՆ Փաթիլ, ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ Թալին, ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Վարդի, ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ալեակ, ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ Գալին, ՍԱՐԵԱՆ Անի, ԹՈՐՈՍԵԱՆ Պեթի, ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԱՆ Նիկոլ, ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ Մայք, ՂԱՐԻՊԵԱՆ Սերժ-Աւետիս, ԳԷՈՐԳԵԱՆ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ EXOTICA

Նորսիկեան մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները Մայիսի վերջաւորութեան EXOTICA այցելութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց «կանաչ» տարեշրջանին եւ մանկապարտէզին: Փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի օր մը անցուցին դիտելով բոյսերը, ծաղիկներն ու ծառերը, ապա ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի հանդէսները յաջորդաբար տեղի ունեցան Ուրբաթ 11 եւ Չորեքշաբթի 16 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Ճստիկ Ճուտիկ», իսկ Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները՝ «Շունն ու Կատուն» երաժշտախառն թատերախաղերը հսկողութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական…

ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Հինգշաբթի, 10 Յունիս 2010-ին, տնօրէնութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին եւ ուսուցիչներուն: Բարի եկաքի խօսքը արտասանեց Ճեմարանի փոխ տնօրէն եւ վարչական պատասխանատու Նորայր Նաճարեան, որ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ընթրիքին ճաշերը ամբողջութեամբ պատրաստուած են Ճեմարանի խոհարարուհիին եւ տնտեսուհիներուն կողմէ: Ընթրիքը ի պատիւ ուսուցիչներուն եւ…

80 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2010-ին, Ֆրանսական պաքալօրէայի գրաւոր քննութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք, աւարտական դասարանէն աշակերտներ, ընկերակցութեամբ հայ գրականութեան ուսուցչուհի Տիկին Շաղիկին եւ քիմիագիտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Ռիթային, մեկնեցան դէպի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատունը եւ այցելեցին Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի դամբարանը: Խունկ ու մոմ վառելէ եւ ծաղիկներ զետեղելէ…

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 5 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի օդապարիկը վայրէջք կատարեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ուր Ճեմարանի անձնակազմը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ճեմարանի խնամակալութեան ու կրթական խորհուրդի անդամներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ շրջանաւարտներ ժամադրուած էին վայելելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Վարդագոյն, կապոյտ…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2010-ին Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան դպրոցէն ներս կազմակերպուած զարգացման մրցանքի մը, որ կ’ընդգրկէր հարցումներ իրենց սորված դասերէն՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ, ՊԱՔ, հայոց պատմութիւն եւ թուաբանութիւն: 45 աշակերտներ բաժնուեցան հինգական աշակերտներէ բաղկացած 10 խմբակներու: Մրցանքի աւարտին առաջին հանդիսացաւ «Վան» խմբակը՝ Գարին Այնթէպլեան, Լալէ Չափարեան,…

ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2010-ին արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած Ճեմարանի տարեկան պտոյտի օրն էր: Բացի մանկապարտէզէն ու մանկամսուրէն, ամբողջ դպրոցի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը ուղղուեցան դէպի մօտակայ Ժուրթ Էլ Պալլութ շրջանի զբօսավայրը, ուր հաճելի ու մտերմիկ ժամեր անցուցին մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը: Օդը ամպոտ էր, բայց բոլորին…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2010-ին Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցանք «Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահէն ներս: Մրցանքը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան տօնին: Հարցումներուն մեծամասնութիւնը կը վերաբերէր Հայաստանի հանրապետութիւններուն, իսկ մասնակցող 25 խմբակները կը կրէին ընդհանրապէս ամբողջական Հայաստանի քաղաքներուն անունները: Իւրաքանչիւր խմբակ կը բաղկանար 6…

ՀԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ «եգիպտական» ցուցահանդէս մը: Արդարեւ ուսումնասիրելէ ետք հին Եգիպտոսի պատմութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը, Զ. դասարաններու աշակերտները եւ ընդհանուր պատմութեան դասատուն՝ Տիկ. Շողիկ Փելթէքեան-Դարբինեանը, միասնաբար գաղափարը յղացան դասարանին հետաքրքրութիւններն ու տպաւորութիւնները արտայայտելու ցուցահանդէսով մը, ուր ամէն աշակերտ փորձեց վերարտադրել…

ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Մայրերու օրուան եւ Հայաստանի անկախութեան տօնին զոյգ առիթներով, Երկուշաբթի, 24 Մայիսին նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու 15 աշակերտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ արտասանական մրցանք մը: Իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց պարտադիր եւ ազատ կտոր մը: Պարտադիր կտորներն էին Յ. Շիրազի «Կշեռք»ը (Ե. դասարան) եւ Հ. Սահեանի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը (Զ. դասարան): Դատական…

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԵՐԵԿՈՅ

Ուրբաթ, 21 Մայիս 2010-ի երեկոյեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանք մը՝ ի պատիւ ուսուցիչներ Օրդ. Ալին Հայաճեանին եւ Տիկ. Լինա Շուէյրիին, որոնք շուտով պիտի գաղթեն Լիբանանէն: Ժամը 3:00-ի զանգէն ետք, խումբ մը աշակերտներ մնացին դպրոց եւ կատարեցին խրախճանքին նախապատրաստական աշխատանքները, ուրիշ խումբ մը մեկնեցաւ անհրաժեշտ…