ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԵՐԵԿՈՅ

Ուրբաթ, 21 Մայիս 2010-ի երեկոյեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանք մը՝ ի պատիւ ուսուցիչներ Օրդ. Ալին Հայաճեանին եւ Տիկ. Լինա Շուէյրիին, որոնք շուտով պիտի գաղթեն Լիբանանէն: Ժամը 3:00-ի զանգէն ետք, խումբ մը աշակերտներ մնացին դպրոց եւ կատարեցին խրախճանքին նախապատրաստական աշխատանքները, ուրիշ խումբ մը մեկնեցաւ անհրաժեշտ գնումները կատարելու, ապա բոլորը միասին սկսան ընթրիքի պատրաստութեան: Ժամը 8:30-ի շուրջ Կարօ Ֆէսլեան եւ Կարին Կէօքճեան արտասանեցին խրախճանքի բացման խօսքը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով եւ ներկաները հրաւիրեցին ընթրիքի: Մեկնող ուսուցիչներուն բարի երթի եւ յաջողութեան խօսքեր արտասանեցին Տիկ. Շաղիկ Փափազեանն ու Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Տիգրան Ճինպաշեանը: Օրդ. Ալին եւ Տիկ. Լինա նոյնպէս արցունքոտ աչքերով իրենց ուղերձը փոխանցեցին ներկաներուն: Հրաժեշտի տխուր մթնոլորտէն ետք սկսաւ երեկոյթին խրախճանքի բաժինը: Աշակերտներն ու ուսուցիչները միասնաբար պարեցին: Երբ հասաւ բաժանումի պահը, աշակերտները մեծ շրջանակ մը կազմեցին եւ ուսուցիչներուն հետ միաբերան երգեցին Ցտեսութիւն եւ Առագաստանաւ երգերը: Ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ լեցուն այս քանի մը ժամերը անցան վայրկեաններու պէս: ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն կը բաժնուին ոչ միայն ուսուցիչներ, այլ՝ բարեկամներ: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք անոնց եւ կը մաղթենք երջանկութիւն ու յաջողութիւն իրենց ապագայ բոլոր ծրագիրներու իրագործման: Կարօ Ֆէսլեան ԺԱ. դասարան