ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2010-ին Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան դպրոցէն ներս կազմակերպուած զարգացման մրցանքի մը, որ կ’ընդգրկէր հարցումներ իրենց սորված դասերէն՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ, ՊԱՔ, հայոց պատմութիւն եւ թուաբանութիւն: 45 աշակերտներ բաժնուեցան հինգական աշակերտներէ բաղկացած 10 խմբակներու: Մրցանքի աւարտին առաջին հանդիսացաւ «Վան» խմբակը՝ Գարին Այնթէպլեան, Լալէ Չափարեան, Յակոբ Ազատեան, Հրակ Քէրսոյեան եւ Մհեր Փելթէքեան: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ բաժնուեցան իրարմէ, որովհետեւ այդ օրը իրենց դասերուն աւարտն էր: Անոնք բարի արձակուրդ մաղթեցին իրարու եւ բարի երթի մաղթանքներով հրաժեշտ տուին իրենց սիրելի դասընկերոջ՝ Տարօն Զոհրապեանին, որ շուտով պիտի գաղթէ Լիբանանէն: