ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Հինգշաբթի, 10 Յունիս 2010-ին, տնօրէնութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին եւ ուսուցիչներուն: Բարի եկաքի խօսքը արտասանեց Ճեմարանի փոխ տնօրէն եւ վարչական պատասխանատու Նորայր Նաճարեան, որ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ընթրիքին ճաշերը ամբողջութեամբ պատրաստուած են Ճեմարանի խոհարարուհիին եւ տնտեսուհիներուն կողմէ: Ընթրիքը ի պատիւ ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին ըլլալէ անկախ, առիթ էր նաեւ 2009-2010 տարեշրջանի աւարտին գաղթի պատճառով Ճեմարանէն ընդմիշտ հեռացող ուսուցիչները պատուելու Ճեմարանի յուշանուէրով: Գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան մնաք բարովի ու յաջողութեան մաղթանքի իր խօսքը փոխանցեց բնապատմութեան ուսուցչուհի Տիկ. Լինա Շուէյրիին, Թուաբանութեան ուսուցչուհի Օրդ. Ալին Հալաճեանին, մանկամսուրի պատասխանատու Տիկ. Ռուպիկ Փափազեան-Քէօշկէրեանին եւ նախակրթարանի հսկիչ Պրն. Բագրատ Զոհրապեանին, ապա անոնց յանձնեց Ճեմարանի յուշանուէրները: Մեկնող ուսուցիչներէն իւրաքանչիւրը յուզումով փոխանցեց իր հրաժեշտի խօսքը, ապա Պրն. Բագրատին դամատայութեամբ շարունակուեցաւ երեկոն մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: