ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի հանդէսները յաջորդաբար տեղի ունեցան Ուրբաթ 11 եւ Չորեքշաբթի 16 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Ճստիկ Ճուտիկ», իսկ Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները՝ «Շունն ու Կատուն» երաժշտախառն թատերախաղերը հսկողութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Պրն. Ռոպերթ Առաքելեանին, որ հաճելին ու դաստիարակչականը համադրելով մեծերն ու փոքրերը ամբողջ մէկ ժամ պահեց ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Թատերախաղերուն մէջ ընդգրկուած երգերուն ուսուցումը կատարած էր Տիկին Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ պարերուն ընտրութիւնը եւ ձեւաւորումը՝ Օրդ. Մարիժան Ատուրեան: Աշակերտներուն տարազները իրագործած էր Տիկին Լուսին Անտոնեան: Հանդէսներուն աւարտին տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւն ձեռային աշխատանքներու եւ աշակերտական նկարչական գործերու,որոնք 2009-2010 տարեշրջանին ընթացքին կատարուած են Օրդ. Էլօ Մելքոնեանի եւ Պրն. Գրիգոր Արբաճեանի հսկողութեամբ: Վարձքը կատար բաժնի պատասխանատուներուն ու բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք համբերութեամբ հետեւեցան փորձերուն եւ հանդէսի ժամանակ հսկեցին յայտագրի կանոնաւոր ընթացքին: