ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2010-ին Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցանք «Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահէն ներս: Մրցանքը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան տօնին: Հարցումներուն մեծամասնութիւնը կը վերաբերէր Հայաստանի հանրապետութիւններուն, իսկ մասնակցող 25 խմբակները կը կրէին ընդհանրապէս ամբողջական Հայաստանի քաղաքներուն անունները: Իւրաքանչիւր խմբակ կը բաղկանար 6 աշակերտներէ: Ուսուցիչներէ բաղկացած դատական կազմ մը կը ստուգէր եւ կը գնահատէր պատասխանները: Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցանքին եւ հարստացուցին իրենց գիտելիքները Հայաստանի ու հայկական պետականութիւններուն մասին: Մրցանքի աւարտին, առաջին հանդիսացող խմբակի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը նուէր ստացաւ Քնար պարախումբի ելոյթի զոյգ տոմս, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող խմբակներուն աշակերտները ստացան կտրօններ Համազգայինի գրախանութէն: