ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2010-ին արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած Ճեմարանի տարեկան պտոյտի օրն էր: Բացի մանկապարտէզէն ու մանկամսուրէն, ամբողջ դպրոցի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը ուղղուեցան դէպի մօտակայ Ժուրթ Էլ Պալլութ շրջանի զբօսավայրը, ուր հաճելի ու մտերմիկ ժամեր անցուցին մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը: Օդը ամպոտ էր, բայց բոլորին տրամադրութիւնները՝ պայծառ: Ոմանք խաղով տարուած էին, ուրիշներ՝ հետախուզական շրջագայութեան ելած: Ամէն կողմէ աշակերտներու ուրախ կանչեր կը լսուէին : Կէսօրուան մօտ խորովածի բոյրը տարածուեցաւ: Աշակերտ թէ ուսուցիչ բոլորը միասնաբար ճաշը պատրաստելու գործին լծուեցան: Ճաշէն ետք, քիչ մը եւս ժամանց, ու հասաւ մեկնումի ժամը: Ամէն տարեշրջանի աւարտին անհամբերութեամբ սպասուած պտոյտէն խանդավառ, ուրախ եւ գոհ սրտով աշակերտները վերադարձան դպրոց: