80 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2010-ին, Ֆրանսական պաքալօրէայի գրաւոր քննութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք, աւարտական դասարանէն աշակերտներ, ընկերակցութեամբ հայ գրականութեան ուսուցչուհի Տիկին Շաղիկին եւ քիմիագիտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Ռիթային, մեկնեցան դէպի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատունը եւ այցելեցին Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի դամբարանը: Խունկ ու մոմ վառելէ եւ ծաղիկներ զետեղելէ ետք, աշակերտուհի մը ընթերցեց «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն կտոր մը, ապա բոլորը երգեցին Սայաթ Նովայի Քամանչան: Գերեզմանատունէն ետք, աշակերտները հաւաքուեցան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի պարտէզը, ուր աւարտական դասարանը որոշած էր նռնենի մը տնկել: Ծառատնկումի աշխատանքին ներկայ էին նաեւ Ճեմարանի տնօրէնը, պաշտօնեաներ եւ ուսուցիչներ: Հարկ է յիշել, որ աշակերտներուն վերջին հանդիպումն էր Պրն. Վաչէին եւ Պրն. Բագրատին հետ, որովհետեւ երկուքն ալ այս ամրան ընթացքին պիտի մեկնին Լիբանանէն: Տունկը հողին մէջ զետեղելէ ետք, տնօրէնը հողով ծածկեց անոր արմատները: Տիկին Շաղիկը անդրադարձաւ ծառի կարեւորութեան՝ յիշելով փիլիսոփայի մը հետեւեալ դրուագը. անոր հարցուցած են. «Ի՞նչ կ’ընես եթէ աշխարհը ամբողջութեամբ կործանի վաղը», եւ ինք պատասխանած է. «Ծառ մը կը տնկեմ»: Ծառը ջրելէ ետք, 80 ամեակի սերունդը նկարուեցաւ անոր առջեւ: Օրուան երկու ձեռնարկներէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտները Ճեմարանի իրենց յիշատակները հարստացնելով մեկնեցան դպրոցէն: Շողեր Յովհաննէսեան ԺԲ. դասարան