ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 5 Յունիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի օդապարիկը վայրէջք կատարեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ուր Ճեմարանի անձնակազմը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ճեմարանի խնամակալութեան ու կրթական խորհուրդի անդամներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ շրջանաւարտներ ժամադրուած էին վայելելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 138 աշակերտներ ամբողջ երկու ժամ ներկաները փոխադրեցին դէպի երազային գեղեցիկ աշխարհ մը, զոր միայն իրենք՝ փոքրիկները, կրնան կերտել: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կանաչ դասարանի աշակերտները երգեցին իրենց ուսուցիչներուն յօրինած «փոքրիկ եմ» երգը. «Փոքրիկ եմ վեց տարեկան եմ Աշակերտ Ճեմարանի Կը սիրեմ պարել ու երգել Ճամբորդել երկրէ երկիր: Ունիմ շատ երազանքներ Կը սիրեմ նորութիւններ Թեւ առնեմ թռչիմ հեռու-հեռու Բարեւ տամ նոր ազգերու: Օ՛ն վեր ե՛լ օդապարիկ Պտըտցուր երկրէ երկիր Անցնիմ տեսնեմ անապատը, Պրազիլը, Հնդկաստանը: Ունիմ շատ երազանքներ, Կը սիրեմ նորութիւններ Վազվզեմ Մասիսի լանջերուն Հանգչիմ Սեւանի ափերուն: Հանդէսին նիւթը օդապարիկն էր: Ճեմարանի կանաչ դասարանէն փոքրիկ մը կը գտնէ օդապարիկ մը եւ կ’երթայ զանազան երկիրներ՝ այցելելու տարբեր ժողովուրդներու: «Փոքրիկ եմ» երգէն ետք, աշակերտները կարգով բեմ կը բարձրանան, եւ իւրաքանչիւր դասարան փոքրիկ Վարագին այցելած երկրին տարազով կը ներկայացնէ այդ ժողովուրդին իւրայատուկ պարը: Օդապարիկը նախ կ’երթայ արաբական անապատ, ուրկէ՝ դէպի Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Սպանիա, Ափրիկէ, Չինաստան, Ֆրանսա եւ պատմութեան աւարտին օդապարիկը կը հասնի Հայաստան: Հայրենիքի մէջ Վարագը ներկայ կը գտնուի հայկական հարսանիքի մը եւ կ’ուզէ Հայաստան հաստատուիլ իր ծնողներուն հետ: Հայաստան այցելութենէն ետք, կանաչ դասարաններու աշակերտները վկայականներու հագուստներով սրահ մտան եւ իւրաքանչիւրը իր ներկած հայկական նուռը յանձնեց իր հօրը: Ապա անոնք բեմ բարձրացան մանկապարտիզպանուհիին եւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին ընկերակցութեամբ: Աշակերտները երգեցին երկու հայրենահունչ երգեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը: Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ’ուզէ ըլլալ: Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Այնթապլեան Նանար Լիլա, Գարաճեան Նայիրի, Գափլանեան Մարիա, Խաչատուրեան Լոռի, Հաճինեան Ալիք, Մարգարեան Ռոզալին, Մաքտեսեան Լիլա, Արբաճեան Աբիկ, Գասապեան Սերոբ, Հանտեան Արամ, Մանուկեան Վառակ Նարեկ, Մարտիրոսեան Կարէն, Սապունճեան Սերժ,Գարաճեան Լոռի, Զարմէնեան Փաթիլ, Համալեան Ռիթա, Ճուլֆայեան Կարին, Ուրֆալեան Ալիք, Պուտաքեան Լէա, Փարլաքեան Սերլի, Այվազեան Ռուբէն, Գապաքեան Քրիստափոր, Գարճիկեան Մհեր, Կերեքմէզեան Շահէ, Պալապանեան Վարագ, Պեսնիլեան Կարէն, Քէօսէեան Արսէն, Եահնիյեան Լորի, Թիքիճեան Օրօր, Թրթռեան Ցօղիկ, Պայրամեան Նանար, Պենիլեան Սարիլլա, Սեմերճեան Ռիթա, Տէմիրճեան Մարիա, Աննայեան Ռալֆ Յովհաննէս, Եղիայեան Արմէն, Լախեան Հրակ, Խանճեան Միկէլ, Մեսրոպեան Վարագ, Նաճարեան Շահան եւ Քէօշկէրեան Մովսէս: Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով: