ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Մայրերու օրուան եւ Հայաստանի անկախութեան տօնին զոյգ առիթներով, Երկուշաբթի, 24 Մայիսին նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու 15 աշակերտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ արտասանական մրցանք մը: Իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց պարտադիր եւ ազատ կտոր մը: Պարտադիր կտորներն էին Յ. Շիրազի «Կշեռք»ը (Ե. դասարան) եւ Հ. Սահեանի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը (Զ. դասարան): Դատական կազմին անդամներն էին Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան, Տիկ. Իրմա Տէտէեան եւ Օրդ. Ցոլեր Շխըրտմեան: Ստորեւ զարգացման մրցումին արդիւնքները. Ե. դասարանէն՝ Սանան Թապագեան (առաջին), Յակոբ Թաշճեան (երկրորդ) եւ Սէրուժ Յովսէփեան (երրորդ) Զ. դասարանէն՝ Սարհատ Հանտեան (առաջին), Արամ Գէորգեան եւ Սելին Մելքոնեան (երկրորդ), Կալի Խիւտավերտեան եւ Ալիք Մեսրոպեան (երրորդ) Շահողները ստացան գիրքեր, իսկ բոլոր մասնակցողները՝ Իրմա Տէտէեանի «Բանաստեղծութիւններու ծաղկեպսակ մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին» խորագրեալ մէկական խտասալիկ: