ՀԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ «եգիպտական» ցուցահանդէս մը: Արդարեւ ուսումնասիրելէ ետք հին Եգիպտոսի պատմութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը, Զ. դասարաններու աշակերտները եւ ընդհանուր պատմութեան դասատուն՝ Տիկ. Շողիկ Փելթէքեան-Դարբինեանը, միասնաբար գաղափարը յղացան դասարանին հետաքրքրութիւններն ու տպաւորութիւնները արտայայտելու ցուցահանդէսով մը, ուր ամէն աշակերտ փորձեց վերարտադրել հին Եգիպտոսի քաղաքակրթութիւնը ներկայացնող իրեր, ինչպէս՝ մանրակերտեր, հագուստներ ու հողաթափեր, զարդեղէններ, զէնք ու զրահ, արձանիկներ, պատերազմական կառքեր, նաւեր, ինչպէս նաեւ եգիպտական «մոմիա» մը: Խանդավառութիւնը մեծ էր մանաւանդ ցուցադրութեան առաջին օրը՝ 26 Մայիս 2010-ին, երբ Զ.1 եւ Զ.2 դասարաններու աշակերտները միասնաբար բացումը կատարեցին իրենց ցուցահանդէսին եւ ապա ճոխ ու հարուստ բացատրութիւններով յագեցուցին ներկաները՝ մեծ ու փոքր աշակերտներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ: