ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Յիշեալ ժամուն, մամաները ներկայացան իրենց զաւակներուն դասարանները։ Անոնք միասնաբար կատարեցին ձեռային աշխատանք մը եւ պատրաստեցին պտուղի աղցան։ Ապա բոլորը ուղղուեցան ճաշասրահ, ուր աշակերտները մամաներուն նուիրեցին փունջ մը երգ ու արտասանութիւն, որմէ ետք մայր…

ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, տեղի ունեցաւ արտասանական եւ գծագրական մրցում մը՝ հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակին եւ մայրենի լեզուի տօնին նուիրուած։ Ե. դասարանի գծագրութեան մրցումին մասնակցեցան Իլայ Ծատուրեան եւ Կարօ Գրիգորեան, իսկ Զ. դասարանի գծագրութեան մրցումին՝ Ճորճ Երանճեան եւ Նարեկ Նալպանտեան։ Կարօ Գրիգորեան…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՓԱԿՈՒՄ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին կիրարկուեցան զանազան մարզախաղեր եւ աշակերտներուն տրամադրուեցան սննդարար ուտելիքներ՝ Ծնողական Խորհուրդին կողմէ պաատրատուած: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կողովագնդակի խաղ՝ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Չափազանց դաստիարակիչ այս օրուան փակումը կատարեց տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան: Ան յայտարարեց ամբողջ տարուան ընթացքին Ճեմարանի աշակերտներուն…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ը յայտարարուեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի մէջ։ Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ, պաշտօնեայ թէ տնօրէն, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ զետեղուած Ճեմարանի ջահը մարզական օրուան կու տար ազգային երանգ։ Կարծէք Մայիս ամսուան մեր հայրենիքի…

ՀՊԱՐՏ ԵՄ

Իբրեւ ծնող, 27 Ապրիլին հրաւիրուած էի Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնի 24 ապրիլի առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան: Ճիշդ ժամուն արդէն ներկայ էի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Սրահին աթոռներուն կէսը գրաւուած էին 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները, իսկ միւս կէսը յատկացուած էր ծնողներուն: Քիչ անց ներս մտաւ դպրոցին տնօրէնը` ընկերակցութեամբ…

LIVING COLORS

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2012-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Տարրական բաժինի մէջ, 23-27 Ապրիլ երկարող շաբաթը յայտարարուեցաւ «ընթերցանութեան շաբաթ»։ Երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները լեզուի դասապահերուն գրադարանէն ընտրեցին եւ կարդացին իրենց նախասիրած գիրքերը՝ ուսուցիչին հսկողութեամբ եւ օգնութեամբ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին անասուններու մասին իրենց գիտելիքները: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մայիս ամսուն հաճելի է խաղալով գիտելիքներ ամրապնդել պարտէզին մէջ։ Մանկապարտէզի վարդագոյն (Օրդ. Սիլվա) դասարանի աշակերտները պարտիզպաններ դարձած, բահ ու բրիչով զինուած՝ գեղեցկացուցին դպրոցի պարտէզներէն մէկը։ Անոնք փորեցին, հերկեցին, ցանեցին ու ցնցուղով ջրեցին հողը։

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ճեմարանի աւագ բարերար Արսլանեան ընտանիքէն Տիկին Շաքէ Հայկ Արսլանեան եւ իր զաւակը՝ Արմէն, Շաբաթ 5 Մայիս, 2012-ին, կէսօրէ ետք, այցելեցին Ճեմարան: Անոնք հանդիպում ունեցան տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ, ապա անոր ընկերակցութեամբ այցելեցին Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահ, ինչպէս նաեւ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները:

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012-ին տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները: Գիրքի պատրաստութեան մրցանքին միջնակարգի Է. եւ Թ. դասարանի աշակերտները տիրացան Ա. մրցանակին, իսկ Ը. դասարանի աշակերտները՝ Բ. մրցանակին։ Ստորեւ Ճեմարանի ընթեցանութեան մրցանքի մրցանակակիր…

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտագիրի ընթացքին վերահսկեց Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան։ Աւարտական հանգրուան հասած էին 6 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ…