ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սկսող եւ արդէն մասնակիօրէն սկսած 2012-2013 կրթական տարեշրջանի գլխաւոր մտահոգութիւնը սուրիահայ դպրոցներու տագնապալի վիճակն է ու սուրիահայ աշակերտներու հոսքը Լիբանան: Բնականաբար մեր պարտքն է ամէն դիւրութիւն ընծայել եւ իրենց բնակութեան վայրէն հարկադրաբար դուրս մղուած հայ աշակերտներուն ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ ուսման ընթացքի շարունակութիւն: