ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հիւանդապահուհիներու արհեստագիտական համագործակցութեան կազմի նախաձեռնած խորհրդաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ հիւանդապահուհիներ, որոնք բաժնեկցեցան իրենց անձնական փորձառութիւնները դպրոցէն ներս, քննարկեցին առօրեայ հրատապ հարցեր եւ փոխանակեցին գաղափարներ ու առաջարկներ։ Միջդպրոցական համագործակցութեան կապեր հաստատելու եւ այս մարզին բարելաւում ու յառաջդիմութիւն բերելու նպատակով այս հանդիպումները պիտի ըլլան շարունակական։