ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2012-ին, ժամը 3։00-ին, տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2012-2013 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։