«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԵՆ։

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները` Նանի Գալուստեան, Հայկ Աւօ Աւետիս, Լոռի Գորեսեան եւ Մհեր Փելթեքեան, 1 Սեպտեմբեր 2012-ին, այցելեցին Հայաստան, ուր մէկ շաբթուան տեւողութեան կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը իրականացուցին: Ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան: Մրցանակակիրները մէկ շաբթուան ընթացքին այցելեցին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարը, Ս. Գայեանէ, Շողակաթ եւ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիներն ու Զուարթնոց տաճարը, Սարդարապատի յուշահամալիր եւ թանգարան, Գառնիի տաճար, Գեղարդ վանք, Սեւանայ լիճ, Դիլիջան, Պարզ լիճ: Անոնք իւրաքանչիւր վայրի մասին ստացան պատմական եւ աշխարհագրական լայն տեղեկութիւններ: Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2012-ին, հայոց պատմութեան դասապահուն, Նանին, Հայկը, Լոռին եւ Մհերը զեկուցեցին իրենց դասընկերներուն Հայաստան այցելութեան մասին։ Անոնք նկարներ ցուցադրեցին եւ փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները, ապա պատասխանեցին դասընկերներու հարցումներուն։ Զեկոյցի աւարտին մրցանակակիրները հայկական քաղցրեղէններ հրամցուցին բոլորին։