ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 12-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի ու նախակրթարանի աշակերտներուն վերամուտով: Այդ օրը, առաւօտեան բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2012-2013 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։ Ան ողջոյնի յատուկ խօսք փոխանցեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք բոլորովին նոր շէնքի մէջ են, պիտի ունենան նոր ուսուցիչներ եւ դպրոցական նոր առօրեայ։ Տնօրէնը կարեւորեց Ճեմարանի իւրայատուկ գիտակից կարգապահութիւնը, որ կը կիրարկուի ինքնաբերաբար, առանց խիստ պատժամիջոցներու։ Ան խրախուսեց աշակերտները օրինակ տալով 2011-2012 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված փայլուն արդիւնքներն ու յիշատակութիւնները եւ անոնց մաղթեց աւելի գերազանց յաջողութիւններ ունենալ: Ան նաեւ շեշտեց դպրոցական կեանքի աւարտին ճեմարանականին ունենալիք ազգային դերը՝ տէր կանգնիլ հայ դպրոցին, ծառայել հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին։ Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: