Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի քերմէսը:
Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած ներկաներուն պարգեւեցին ընտանեկան հաճելի եւ մտերմիկ ժամեր: Քերմէսի ճոխ ու դաստիարակիչ խաղերուն մասնակցեցան թէ՛ երեխաները, թէ՛ պատանիները:
Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր. տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները հանդէս եկան երգերով, պարերով ու ներկայացումներով: Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ գիշեր: Կրպակներուն մէջ պատրաստուած զանազան ուտելիքները ճաշակելէ ետք, ներկաները Ճեմարանէն մեկնեցան գոհ ու երջանիկ:
