Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին Ճեմարանի աշակերտները իրենց բաժակներով եւ մետալներով մեծաթիւ մասնակցութեամբ տողանցեցին:
Փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025 տարեշրջանի վահանի տուչութիւնը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ լաւագոյն մարզիկի մրցանակը շահեցան Գալէ Դրոյ Հարպոյեան եւ Կի Խանճեան, իսկ լաւագոյն մարզիկուհիի մրցանակը շահեցաւ Լորէն Ճերմակեան:
