Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի հաւաքը, «Պոլեան» սրահին մէջ:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ներկայացնելէ ետք անցնող տարեշրջանին ընթացքին կատարուած գլխաւոր աշխատանքներն ու իրագործումները, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2025-2026 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց Ճեմարանի կրթական համակարգի եւ ընթացիկ աշխատանքներու մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները: Տնօրէնուհին յայտնեց նաեւ, որ նախորդ տարեշրջանին ընթացք առած Ճեմարանի 95-ամեակի նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին տարբեր ձեռնարկներով, ապա բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:
