ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՕԺՏՈՒԱԾ Է ԱՐԵՒԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ՇՆՈՐՀԻՒ ԻՐ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ այս վերամուտը կը սկսինք նոր տեղադրուած արեւային վահանակներով։
Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Գուճաքեաններու նուիրատուութեամբ` Ճեմարանի մայր շէնքը, իսկ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու նուիրատուութեամբ՝ Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի շէնքը օժտուեցան արեւային վահանակներով։
Այս աշխատանքը իրականացնելու համար վերանորոգուեցան նաեւ ելեկտրականութեան մայր սենեակը եւ համապատասխան սարքերը։
Վերամուտին, արդէն իսկ Ճեմարանը իր ելեկտրականութեան մեծ մասը կ՚ապահովէ այս վահանակներէն, ինչ որ կը նուազեցնէ վառելանիւթի գործածութիւնը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բարերարներուն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք անոնց։