Նշանի լեզուի օրուան առիթով (sign language), Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2025-ին, աւարտական դասարանէն խումբ մը դասընկերուհիներով շրջեցանք միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի դասարանները ու աշակերտներուն տեղեկացուցինք այս օրուան կարեւորութեան մասին: Ապա մեր դասընկերուհին՝ Լիզան, պատմելէ ետք իր փորձառութիւնը IRAP հաստատութենէն ներս, աշակերտներուն նշանի լեզուով մաղթեց «Բարի Վերամուտ»:
ՆՇԱՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ (sign language)
