Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ։ Պաշտօնական այս այցելութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Կեդրոնական Վարչութեան Ճեմարանի ներկայացուցիչ Թամար Տէր Պետրոսեան, Կեդրոնական վարչութեան, խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի անդամներ։
Նախկին նախարարը Լէյլա Սոլհ Համատէ դիմաւորուեցաւ հայկական աւանդական աղ ու հացով եւ այցելեց կարգ մը դասարաններ ու գրասենեակներ։ Ապա հիւրընկալուեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պոլեան սրահին մէջ, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ արաբերէնի ուսուցչուհի Սանտրա Սաղպազարեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց տիկին Սոլհին իր բարեսիրական այցելութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի օժանդակութեան իր պատրաստակամութեան համար, ապա ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը:
Ճեմարանի 95-ամեայ ուղին ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, աշակերտներու կատաղողութեամբ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Ապա Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան նշեց, որ Ճեմարանը իբրեւ կրթական հաստատութիւն ուրախ է ընդունելու Լէյլա Սոլհը եւ ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը այն փաստն է, որ ձեզի համար կրթութիւնը հաւաքական աշխատանք է եւ իրաւունք մըն է յառաջիկայ սերունդներուն համար: Դուք այն անձն էք, որ կը գերադասէք մարդկայինը եւ կրթական համակարգը: Ճեմարանը 95 տարի է կը գործէ պատրաստելու համար լաւ մարդն ու լաւ քաղաքացին»: Ան յատկապէս նշեց, որ Պըն Թալալ հաստատութիւնը կ’ամբողջացնէ Ճեմարանի առաքելութիւնը իր գործը կեդրոնացնելով կրթական, ընկերային եւ առողջապահական մարզին մէջ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Լէյլա Սոլհ եւ յայտնեց, որ իր հօր եւ Ճեմարանի կապերու հիմը դրուած է վաղ տարիներէն՝ 1950-էն սկսեալ եւ ինք ուրախ է որ այսօր եւս այս կապը կը պահպանուի: Ան գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ պարտադրաբար հայրենիք կորսնցելէ ետք եւ աշխարհացրիւ դառնալէ ետք, անգամ մը եւս անկախ հայրենիք ունեցաւ: Ան ըսաւ, որ ազգ մը ապագայ չունի առանց կրթութեան եւ ուրախութեամբ ստանձնեց տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի դասարաններու նորոգութեան ու կահաւորման ծախսերը: «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ պատրաստակամութիւն յայտնեց տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու 12 դասարաններու նորոգութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին սեմին:
Աւարտին խօսք առաւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Ան շեշտեց, որ Ճեմարանը իր դռները լայն բացած է եւ օրուան հիւրը կը գտնուի իր հարազատ տան մէջ եւ ըսաւ. «Հայրենիքի համար ձեր յախուռն պայքարը կը խորհրդանշէ ձախողութիւնը վերածնունդով փոխարինելու եւ անցեալի դառնութիւնը նորովի վերընձիւղելու: Դուք խտրութիւն չէք դներ համայքներու միջեւ եւ ջատագովն էք Լիբանանը ամէն բանէ վեր կարգախօսին: Դուք միշտ կը գերադասէք մարդակերտումը նիւթական աշխարհէն, արժէքը մարդո՛ւն կու տաք, միաժամանակ քա՛րը կը կառուցէք մարդուն համար»:
Այցելութիւնը աւարտեցաւ խմբանկարով մը:
