ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ «ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Մեղրի Գասապեան հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Արմէն Մխճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Միջնակարգէն՝ Լիլիթ Տէմիրճեան հանդիսացաւ երկրորդ: Նախակրթարանէն Կերի Թահմիզեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Մարի Լին Ժագմագեան՝ երրորդ:

Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: