Ե. դասարանի Աշխարհագրութեան դասանիւթի տարեկան ծրագիրն էր ներկայացնել մեր պապենական քաղաքները: Ամէն մէկ աշակերտ պիտի գտնէր իր ընտանիքին արմատները, ստուգելով թէ անոնք մինչեւ 1915 թուականը հայկական ո՞ր քաղաքը կը բնակէին եւ ցեղասպանութենէն ետք ի՞նչպէս հասած էին եւ հաստատուած Լիբանան: Այս աշխատանքը ճշգրտօրէն իրականացնելու համար անշուշտ անոնք գործի պիտի մղէին նաեւ իրենց ծնողները…
Աշխատանքի աւարտին, ամէն մէկ աշակերտ արդէն բաւական տեղեկութիւններ հաւաքած էր իր պապենական քաղաքին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ ցեղասպանութենէն փրկուած իր նախնիներուն մասին:
Այս բոլորը մէկտեղելով Ե. դասարաններու աշակերտները ստեղծեցին իրենց «գաղտնի գիրքերը» զանոնք նուիրելով յաջորդող սերունդներուն: Գիրքերը ցուցադրուեցան ճեմարանի գրադարանէն ներս:
