Դ. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, Թո՛ղ ողջ աշխարհ Հային կարդայ նախատինք»: Այսօր աւելի հրամայական է Աւետիս Ահարոնեանի այս պատգամը: Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց աշխատանքները՝ նահատակ գրագէտներու, լրագրողներու, կղերականներու, յուշակոթողներու եւ գրաւուած քաղաքներու…