ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆ»

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 21 Մարտ 2024-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին ՔԱՀԼ-ի «Հայ տարեցներու տուն»: Հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան դիմաւորեց աշակերտները եւ խօսեցաւ ՔԱՀԼ-ի հիմնադրութեան պատճառներուն եւ գործունէութեան մասին, միաժամանակ հեռարձակումով ներկայացուց տարեցներու առօրեան:

Ապա աշակերտները այցելեցին տարեցներուն եւ միասնաբար զրուցեցին, ասմունքեցին, երգեցին, պարեցին ու շատ զուարճացան: Աւարտին, աշակերտները բաժնեցին իրենց պատրաստած անուշեղէնի ծրարները եւ յուզումով բաժնուեցան իրարմէ: