ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ

26 եւ 27 Մարտ 2024-ին, Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն մէջ կատարուեցան «ֆրանսախօսութեան օրեր»ու զանազան աշխատանքներ՝ ասմունք, ընթերցումներ, երգ, թատրոն, գծագրութիւն, նուագ,պար, զարգացման մրցում եւ այլ խաղեր։ Աշակերտները բազմաթիւ գիտելիքներ ստացան ֆրանսերէն լեզուով եւ սորվեցան ֆրանսական մշակոյթի իւրայատկութիւնները։