ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2024-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Ը. դասարաններու աշակերտները ուսումնասիրեցին Վահան Թէքէեանէն փունջ մը բանաստեղծութիւններ: Այդ բանաստեղծութիւններէն մէկն էր «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը:

Հայկական եկեղեցւոյ ճարտարապետական իւրայատկութիւններուն մասին աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն գոհացում տալու նպատակով, հայերէնի դասապահուն հայերէնի ուսուցչուհին հրաւիրեց դպրոցիս աշխարհագրութեան ուսուցչուհի Շողիկ Փելթեքեանը: Տիկին Շողիկը նիւթը ներկայացուց երեք բաժանումներով՝  Առաջին քրիստոնեաներ եւ «եկեղեցի», Հայկական եկեղեցաշինութիւն, Անիի մայր տաճարը եւ Ս. Նշան եկեղեցին: Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան Ս. Նշան Մայր եկեղեցի (Զոքաք Պլաթ): Անոնք դիմաւորուեցան Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին ու տիկնանց միութեան անդամներու կողմէ: Աշակերտները նախ մտան եկեղեցի, ուր Տէր խորէն քահանայ Մելքոնեան ներկայացուց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ խօսեցաւ պահեցողութեան, եկեղեցական ծէսերու, ժամերգութեան, պատարագի, ապաշխարութեան, խոստովանանքի մասին, որմէ ետք պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: Ապա աշխարհագրութեան ուսուցչուհին՝ տիկին Շողիկը, ցոյց տուաւ եկեղեցւոյ ճարտարապետական կառոյցին իւրայատկութիւնները, եկեղեցիին բաժամունքները յաճախ բաղդատելով տարբեր դարերու եկեղեցիներու կառոյցներուն հետ:

Այցելութեան աւարտին աշակերտները հիւրասիրուեցան տիկնանց միութեան կողմէ:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան նոր գիտելիքներու հարուստ պաշարով: