ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան երեք տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներու հետ՝ Թամար Սնապեան (1987-ի շրջանաւարտ), Կարօ Յարութիւնեան (1979-ի շրջանաւարտ) եւ Վարագ Գեթսէմանեան (2010-ի շրջանաւարտ):

Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ներկայացուց իր կարեւոր որոշումները կեանքին ընթացքին ու շեշտեց անհրաժեշտութիւնը որոշումներ կայացնելու (decision making), ինչպէս՝ մասնագիտութիւն ընտրելու, ասպարէզ ընտրելու, եւայլն…: Անոնք իրենց փորձառութենէն մեկնելով, խօսեցան ընդհանրապէս ի՞նչպէս որոշում տալու եւ որոշումի մը հետեւանքներուն մասին:

Ընթացք առաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտները հարցումներ ուղղեցին իրենց երէց ընկերներուն, եւ շրջանաւարտները իրենց փորձառութենէն դէպքեր պատմելով լուսաբանութիւններ տուին: