ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանք»ի մրցանակակիր բոլոր աշակերտներուն շարադրութիւնները ամփոփող «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսն ու 2023 թուականի մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը:



Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտները՝ Ժիւլիանա Թրթռեան (երկրորդ), Սելին Քիլէճեան (առաջին), Սարին Մահտեսեան (պատուոյ յիշատակութիւն), Նարեկ Շիրէճեան (պատուոյ յիշատակութիւն):