ՍԵՒԱԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԴԱՒԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» հատորի լոյս ընծայման առիթով Լիբանան ժամանած Սեւակի թոռը` գրականագէտ Սեւակ Ղազարեան եւ վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան Դաւիթ Յակոբեան Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին այցելեցին ճեմարան եւ հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա ներկայ գտնուեցան այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին:

Ճեմարանի թատրոնի ուսուցչուհի Սիլվա Սողոմոնեանի նախաձեռնութեամբ եւ ցուցմունքով տարբեր դասարաններու աշակերտներ բեմականացուցին Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները՝ թատերական ելոյթով, ասմունքով, խօսքերով ու երգերով:

Աւարտին, հայրենի հիւրերը փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը: