«JOURNEY TO ROYAL DESTINY» ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ին, Ը. դասարանի աշակերտուհի Լիմ Քէնտիրճեան իր հեղինակած «Journey to Royal Destiny» գիրքը ներկայացուց իր դասընկերներուն: Ան մանրամասնութեամբ բացատրեց, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ անցած է մինչեւ աշխատանքը հասցնէ իր աւարտին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ հարցումներ ուղղեցին Լիմին: Ներկայացման աւարտին Լիմ Քէնտիրճեան տնօրէնութեան նուիրեց «Journey to Royal Destiny» գիրքը:

Կը շնորհաւորենք Լիմը իր այս նուաճումին համար եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն: