ԱՇՈՒՂԸ

Աշուղը ժողովրդական երգիչ, երաժիշտ բանաստեղծ է: Աշուղը իր բանաստեղծութիւնները կը ներկայացնէ երգարուեստով։ Ան կ’երգէ սիրային, խոհական, խրատական-բարոյախօսական, հերոսական, երգիծական եւ կատակային երգեր։ Այս երգերուն կ’ընկերանան աշուղներու սեփական մեղեդիներն ու երաժշտական գործիքները, ինչպէս՝ քամանչա, սազ, քանոն…:
Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած խոյզերը: Իւրաքանչիւր աշակերտ իւրայատուկ եւ սքանչելի ձեւով ներկայացուց հայ աշուղ մը կամ հայկական նուագարան մը:
Բոլորը նոր գիտելիքներ ամբարեցին եւ լաւ ծանօթացան հայկական մշակոյթին մաս կազմող այս հարստութեան: