ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2014-ին, պոլսահայ պատուիրակութիւնը այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան: Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանմունքները:

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան Դ. դասարաններու գիտութեան դասապահուն աշակերտներուն ներկայացուց «Առողջ սննդականոնի գաղտնիքը» նիւթը: Տոքթ. Իշխան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս ուտելիքները կ’ազդեն մեր առողջապահութեան եւ ակռաներուն վրայ: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 10 Ապրիլ 2014-ին, տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն: Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան խօսեցաւ ցեղասպանութեան ու Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին եւ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հայու դերակատարութեան՝ այս աշխատանքներուն ծիրէն ներս: Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին եւ հարստացուցին իրենց գիտելիքները:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան մասնագիտութեամբ բնաբան եւ թմրեցուցիչներու մասին քաջածանօթ՝ Շաղիկ Չափարեանին հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին, Օրդ. Չափարեան բացատրեց տարբեր տիպի թմրեցուցիչներու յատկանիշները եւ անոնց պատճառած ազդեցութիւնները պատանիներուն ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ: Հարցումներուն պատասխանելով, Օրդ. Չափարեան խորացաւ յատկապէս…

ԲԱԼԻԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ ԵՒ ՄԻՀՐԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ

Կիրակի 6 Ապրիլ, 2014-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» – մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 99/00/01 ԱՂՋԻԿՆԵՐ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ 38-7 Մրցումի լաւագոյն մարզիկուհի` Բալիկ Ծատուրեան 2000/01 ՏՂԱՔ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ե. ՄԱՆ. 29-21 Մրցումի լաւագոյն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ,4 Ապրիլ 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։ Անոնք բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ ուսումնասիրեցին անոր զանազան բաժանումները։ Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ միջդպրոցական գծագրական մրցանք, որ իր շուրջ համախմբեց 17 հայկական դպրոցներէ 44 աշակերտներ: Ճեմարանի աշակերտներէն Կասիա Գրիգորեան 6-էն 8 տարեկան խմբակին երրորդ հանդիսացաւ, իսկ Վառակ Նարեկ…

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՕՐ ՄԸ ՋԱՒԱԽՔԻ «ԳՈՀԱՆԱՄՔ» ԵՒ «ՀԱՅՔ» ԵՐԳԻ-ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ին, հաճելի օր մը անցուցինք Ջաւախքէն ժամանած պատանիներու ու պարմանուհիներու հետ, որոնք մաս կը կազմեն «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթին: Մենք՝ Թ. դասարանի աշակերտներս, նախ զիրենք հիւրընկալեցինք հայոց պատմութեան դասապահուն, որուն ընթացքին ծանօթացանք իրարու, եւ ապրելակերպի, կրթական համակարգի ու մշակոյթի մասին տեղեկութիւններ փոխանակեցինք: Ապա ուղղուեցանք…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ին, Տոքթ. Պերճ Տագէսեան նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Արբունքի շրջանին մեր մարմնի փոփոխութիւնները եւ մեր ֆիզիքական կազմաւորումը իբրեւ կին եւ տղամարդ» նիւթը՝ ներկայութեամբ գիտութեան ուսուցչուհիին եւ ընկերային ծառայողին: Դասախօսութեան աւարտին աշակերտները հարցումներ ուղղեցին Տոքթ. Տագէսեանին եւ ստացան լուսաբանական պատասխաններ:

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՔԵՍԱՊԻՆ

Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:15-ին դասաւանդութիւնը դադրեցաւ, եւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նախակրթարանէն երկրորդական բաժինի աշակերտները ծանօթացան Քեսապին: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան աշակերտներուն աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ներկայացուց Քեսապի իրավիճակը այսօր, ապա ցուցադրուեցան «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ «Քեսապահայութիւնը անտէր չէ» տեսերիզները: Տարրական…

«ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿԻԿԸ»-Ը ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանէն մինչեւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները դիտեցին Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի «Կարմիր Գլխարկիկ»-ը թատրերգութեան ներկայացումը: Թատրերգութեան մէջ դերակատարութիւն ունէին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Ժ. դասարանէն Սագօ Եագուպեան (գայլ) Ե. դասարանէն Սիլվիա Տէմիրճեան (կարմիր գլխարկիկ) Զ. դասարանէն Շահան Հաւաթեան…

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Դ. ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան Դ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողանին եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ…