ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ միջդպրոցական գծագրական մրցանք, որ իր շուրջ համախմբեց 17 հայկական դպրոցներէ 44 աշակերտներ: Ճեմարանի աշակերտներէն Կասիա Գրիգորեան 6-էն 8 տարեկան խմբակին երրորդ հանդիսացաւ, իսկ Վառակ Նարեկ Մանուկեան 9-էն 12 տարեկաններու խմբակին առաջինը հանդիսացաւ: Իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2014-2015 տարեշրջանի կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Բոլոր մասնակիցները «Ֆէյպըր Քեսըլ» հաստատութենէն ստացան յատուկ նուէրներ: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: