ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՔԵՍԱՊԻՆ

Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:15-ին դասաւանդութիւնը դադրեցաւ, եւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նախակրթարանէն երկրորդական բաժինի աշակերտները ծանօթացան Քեսապին: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան աշակերտներուն աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ներկայացուց Քեսապի իրավիճակը այսօր, ապա ցուցադրուեցան «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ «Քեսապահայութիւնը անտէր չէ» տեսերիզները: Տարրական բաժինի աշակերտներուն եւս ցուցադրուեցաւ Քեսապի մասին տեսերիզ մը: Աշակերտները արձակուեցան ժամը 1:30-ին: