«ԿԱՐԿԱՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2016-ին, տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի աւանդական ելոյթին։ «Կարկաչ»ը անշէջ կայծ մը եւս աւելցուց հայ երգի տարածման առաքելութեան մէջ: 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «WOODEN BAKERY»

Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2016-ին տարրական բաժինի առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին «Wooden Bakery»։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «հացին պատմութիւնը»։ Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները, եւ իւրաքանչիւրը հաց ու կարկանդակներով լեցուն տուփիկ մը նուէր ստացած վերադարձաւ դպրոց:

ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2016-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին երրորդ հանդիսացաւ Լոռի Եահնիեան: Զ. դասարաններու գծագրութեան մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Սեմերճեան, իսկ Գարին Քիլէճեան առաջին…

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները Համբարձման տօնը նշեցին դպրոցէն ներս։ Հայերէնի դասապահուն, աշակերտները 7 «աղբիւր»է ջուր լեցուցին խորունկ ամանի մէջ, վիճակ ձգեցին, երգեցին ու պարեցին։

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին եւ Գարին Այնթապլեանին հրաժեշտի կարկանդակը հատեցին: Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։

«Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կատարուեցաւ 28 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մասնակից աշակերտներուն, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու: Ճեմարանի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ծրագիրներու ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2016-ին նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Թռչնոց բոյն»ի մանկապարտէզը, ուր կը յաճախեն 8 աշակերտներ: Ճեմարանի աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ իրենց բերած ուտելիքներն ու նուէրները յանձնեցին անոնց, ապա միասնաբար ժամանակ անցուցին: Զ. դասարանի դաստիարակ՝ Նորա Թաշճեան, աշակերտներուն ներկայացուց «Թռչնոց բոյն»ի պատմութիւնը: Ապա…

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ին եւ հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան Շաբաթ, 30 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն: Զ. դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Մարիա Գափլանեանը, որ հանդիսացաւ երկրորդ: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

ՀԱՃԵԼԻ ՕՐ ՄԸ «ՅԱՌԱՋ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Ճեմարան: Անոնք նախ շրջեցան դպրոցին մէջ, ապա Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ բարձրացան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում: Երկու դպրոցներու աշակերտները Հայաստանի քաղաքներուն անունները կրող 10 խումբերու բաժնուած՝ խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցումին, որմէ ետք միասնաբար նախաճաշեցին, ապա…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ, ապա ուսումնասիրեցին հրշէջներու ինքնաշարժը եւ անոր զանազան բաժանումները։ Աշակերտները սորվեցան հրշէջի գործին կարեւորութիւնը: Անոնք ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

«ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ՝ ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄՆԻ ՄԷՋ»

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ մարզական օր: Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ թէ պաշտօնեայ, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ Ճեմարանի ջահը ձեռքին արշաւող մարզիկին նկարը օրուան կու տար ազգային երանգ։ Արդարեւ շաբաթ մը…